ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ
«Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» դասընթացքի երկրորդ դասապահը տեղ...
12 March, 20240 Likes
His Eminence Archbishop Papken Tcharian (baptismal name Hagop) was born in Beirut, Lebanon, in 1965, and received his primary education at the Hayashen Torkomian National Elementary School in Beirut.
«Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» դասընթացքի երկրորդ դասապահը տեղ...
12 March, 20240 Likes«Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» դասընթացքի երկրորդ դասապահը տեղի ունեցաւ՝Երեքշաբթի, 12 Մարտ 2024-ին, օրհնութեամբ՝Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի,Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, եւկազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի«Ուսումնագիտական ԾրագիրներուԲաժանմունքին»։ Դասընթացքի դասախօս՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեան, խօսեցաւ Աստուծոյ գոյութիւնը ապացուցող՝ տիեզերաբանական, բարոյական, էաբանական եւ այլ փաստարկներու մասին, ինչպէս նաեւ՝անդրադարձաւ մարդկային կեանքի իրականութեան մէջ, բարի եւ ամենակարող Աստուծոյ եւ չարի ու չարիքի գոյակցութեան իրողութեան, ապա նաեւ՝ աստուածճանաչութիւնը Քրիստոսի անձին եւ հաւատացեալի փորձառական կեանքին ընդմէջէն թեմաներուն։ Աւարտին, Հայր Գեղարդ պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն։ Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն(ՀԵՍԳՈ) տարրական այս դասընթացքը իւրայատուկծրագիր մըն է, որ կը միաձուլէ սուրբ գրային եւտեսական աստուածաբանութեան մօտեցումները։ Դասընթացքի առաջին կիսամեակը կ՚աւարտիՄայիսին իսկ երկրորդը կը սկսի՝ Սեպտեմբեր 2024-ին։ Սոյն դասընթացքը մաս կը կազմէ ԱզգայինԱռաջնորդարանի հիմնական ծրագիրներուն, որպիտի ունենայ շարունակական ընթացք եւիւրաքանչիւր նոր կիսամեակի պիտի ընդունի նորդիմողներ։ Յաջորդ կիսամեակին մասնակցիլփափաքողները կրնան դիմել ԱզգայինԱռաջնորդարան։ ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ......
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 12-14 Մարտ 2024-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Մայրավանքին մէջ, Անթիլիաս – Լիբանան, պիտի գումարուի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու խառն նիստեր։ Կրօնական Ժողովը՝ իր նիստը պիտի գումարէ, ուր պիտի քննուին առաւելաբար կրօնական բնոյթ ունեցող ծրագիրներ......
Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշանորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանէն ժամանած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Պարոն Զաքար Քէշիշեանի։ Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Թամար Շահինեանը։ Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յուշանուէր մը......
All titles are available at the Armenia Prelacy of Canada office. For more information please contact us.