Prelacy Annual Conference in Kingston

ՄԻՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ՝
Հոգաբարձութեանց, Ազգային Երեսփոխաններու եւ Պատգամաւորներու

Շաբաթ, 25 Նոյեմբեր 2017-ին, Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, տեղի ունեցաւ Հոգաբարձութեանց, Ազգային Երեսփոխաններու եւ Պատգամաւորներու տարեկան խորհրդաժողովը, Քինկսթընի մէջ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք, Թեմէն ներս գործող եկեղեցիներու հոգաբարձութիւնները փոխանցեցին իրենց աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն զեկոյցը։

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր՝ Տոքթ. Վարդան Մատթէոսեան, հրաւիրուած ԱՄՆ Արեւելեան շրջանէն։ Տոքթ. Մատթէոսեան ներկայացուց ««Նշումներ մեր ինքնութեան մասին՝ սփիւռքեան ներկայ իրավիճակին մէջ» նիւթը։ Ներկայացումէն ետք ներկաները կատարեցին խմբային աշխատանիստ մը՝ «Գանատահայ համայնքին ապագայ դիմագիծը» հարցադրումներուն մասին։

Յաջորդ օրակարգով, Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան ներկայացուցին Թեմէն ներս նախատեսուած նոր ծրագրումներ՝ եկեղեցականներու կենսապայմաններու մասին։ Ապա, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան խորհրդածութիւն կատարեց «Ինքնութիւն – Հաւատք – Մարդկային արժէք»-ի մասին։

Խորհրդաժողովը հասաւ իր աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքով եւ աղօթքով։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us