Թեմակալ Առաջնորդը կը շարունակէ իր այցը Վանգուվըրի մէջ

_MG_890522 Օգոստոս 2016-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան մատուցեց իր անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Թեմակալ Առաջնորդը իր քարոզի ընթացքին ըսաւ. « … դուք վերստին պէտքէ ծնիք. Աստուած ամէն ինչ ժամացոյցի նման կարգաւորած է տիեզերքը եւ պարգեւած է զայն մարդկութեան։ Մարդն է որ պէտք է վերանորոգէ ինքզինքը վայելելու համար իրեն տրուած այդ պարգեւը։ Մարդը պէտք է վերակագնէ Աստուածային պատկերը, որուն համաձայն ստեղծուած է։ Մարդը իր օրինազանցութեան եւ մեղքի պատճառով խաթարած է Աստուածային այդ պատկերը։ Այդ պատճառով պէտք է վերածնի, այսինքն վերափոխուի թեթեւնալու համար մեղքի ծանրութենէն, հեռանալու չարէն եւ իր հայեացքը դարձնելու դէպի Աստուած, վայելելու համար Աստուծոյ տրուած պարգեւները եւ արժանի դառնալու համար երկնքի արքայութեան»։

Իր խօսքի աւարտին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ որ վերամուտներու սեմին ենք, վերանորոգուած յանձնարութեամբ պէտք է սկսինք մեր աշխատանքները, միշտ ձեռք ձեռքի տալով, մէկ նպատակ հետապնդելու՝ մեր նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու համար։

Նոյն երեկոյեան, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնի անունով կազմակերպուած «Սասուն Ճամբար»ի 10-ամեակի ձեռնարկին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պատիւ՝ այն պատասխանատուներուն, որոնք նուիրումով եւ զոհողութեամբ հիմնած են Սասուն ճամբարը։ Սովորական աշխատանք չէ տասնամեայ այս ճամբարը, այլ արդիւնք է կազմակերպիչներուն հաւատքին ու գիտութեան, որոնք հայեցի շունջ կը ջամբեն նոր սերունդի փոքրիկներուն ու պատանիներուն»։ Ան նշեց, թէ միասնական կեցուածքով, վաղուան համար կ՚ունենանք պատրաստ երիտասարդներ, որոնք պահանջատէր են իրենց դատին եւ այս երեկոյի ելոյթով մեր հայեացքը դարձուցին դէպի հայրենիք»։

«Պահպանիչ» աղօթքով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակեց երեկոն։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Երկուշաբթի օրուան ընթացքին պիտի հանդիպի ազգայիններու հետ եւ Երեքշաբթի երեկոյեան կը վերադառնայ Մոնթրէալ։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us