Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ամէնէն սիրուած, տաղաւար անունի տակ ճանչցուած հինգ մեծագոյն տօներէն մէկն է, որ այս տարի կը կատարուի 13 Օգոստոսին։

Օրուան խորհուրդը Աստուածամօր մարմնապէս երկինք փոխադրուելու հրաշալի եւ եզակի դէպքի ոգեկոչումն է։ Աստուածամօր տրուած վերջին պատիւն է Աստուծոյ կողմէ։

Ս. Կոյս Մարիամ իր սրբութեամբ ու անարատութեամբ կը ծնի ազատարար մը եւ կը դառնայ անօթը մարդկութեան փրկագործութեան խորհուրդին։ Ան կը դառնայ Օրհնեալ Կինը բոլոր կանանաց մէջ եւ կ՚ըլլայ տիպար մայրը ցոյց տալով կնոջ, թէ իր սկզբնական կոչումը մայրութիւնն է։ Եւ մայրեր որպէս գործակիցները Աստուծոյ արարչագործութեան՝ կեանքի վերազարթնումին ստեղծագործ զօրութիւնները պէտք է դառնան, միշտ լսելով Տիրոջ ձայնը որ կ՚ըսէ. «Աճեցէք եւ բազմացէք»։

Տակաւին Աստուածամօր նուիրուած մեծարանքի տօնը մեզ՝ հայերուս կը կապէ մեր աւանդութիւններուն եւ մեր արմատներուն։ Ըստ աւանդութեան, այդ օրը հայ մարդը իր քրտինքին ամէնէն ազնիւ պտուղը կ՚ընծայէ Աստուծոյ։ Հետեւաբար, այդ պատճառով Սուրբ Պատարագի աւարտին մեր եկեղեցինրու խորաններուն վրայ կը կատարուի խաղողօրհնէք։

Միասնաբար աղօթենք, հաւաքաբար զօրանանք մեր հաւատքին մէջ եւ Ս. Աստուածածնի բարեխօսութիւնը խնդրենք որպէսզի դիմէ իր Միածին որդւոյն, մեզ մեր մեղքերէն քաւելու եւ իր օրհնութիւնը առատօրէն բաշխելու մեր զաւակներուն վրայ անխտիր։

Օրհնութեամբ եւ սիրոյ ջերմ ողջունիւ՝
Աղօթարար
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի

Օգոստոս 2017



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us