ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ

10987504_902249409862767_2631909525497290943_oԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 5  Սեպտեմբեր 2015-ին Գէմպրիճի մէջ նշուեցան Ս. Խաչի տօնն ու տեղի ունեցաւ Մուսա Տաղի հերոսամարտիկներուն նուիրուած մատաղի օրհնութիւն։ Առ այդ, Շաբաթ երեկոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան, դիմաւորուեցաւ Գէմպրիճի «Ս. Նշան» Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանի, Ազգային Վարչութեան անդամ՝ պրն. Մայք Թիթիզեանի եւ եկեղեցւոյս Հոգաբարձութեան անդամներուն կողմէ։

Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը, Ս. Խաչի տօնին առիթով, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս մատուցուեցաւ Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն` նկատի ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն բերուած էր նոր Միւռոն, ինչպէս նաեւ մատաղի օրհնութիւն։

Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Մուսա Տաղի հերոսամարտիկներու յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ մատաղի ու ռեհանի օրհնութիւն։ Աւարտին, երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը։

11949363_902248426529532_3963835402630689419_n 11986535_902249596529415_4948919997017080060_n 11951372_902249659862742_8753022328813492846_n



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us