Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Կը նախագահէ Հ.Օ.Մ.-ի Տոհմիկ Օրը

Շաբաթ 18 Հոկտեմբեր 2014-ի երկոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպիսկ. Բարիքեան, ընկերակցութեամբ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Փանոսեանի, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներու՝ Տիար Յարութ Գասապեանի եւ Օրդ. Ժիւլիէթ Սարգիսեանի, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս նախագահեց Հ.Օ.Մ.-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած «Տոհմիկ Օր»ուան ձեռնարկին, որ նուիրուած էր՝ Համշէնահայերուն։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ վեր առաւ Հ.Օ.Մ.-ի գործունէութիւնը, ի մասնաւորի Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի աշխատանքները։ Սրբազան Հայրը գնահատեց  տոհմիկ օրուան աշխատանքն ու իր բոլոր մասնակցողները, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով թելադրեց Հ.Օ.Մ.ուհիներուն, որ շարունակեն պահել սոյն գեղեցիկ աւանդութիւնը, որ սկսած էր 21 տարիներէ ի վեր։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր Հայրական պատգամին մէջ ըսաւ. «Ձեր այս նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նախորդ նախաձեռնութիւնները, մենք կը հաւատանք, որ մեր արդար դատի եւ իրաւունքներու ձեռքբերման ճանապարհին դուք ալ, եւ առաւե՛լ չափով շունչը բերիք մեզի յարուցեալ եւ յաւիտենականութեան հաւատացող մեր նահատակ ժողովուրդի անմահու-թեան»։

Ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us