ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ

1.- Հինգշաբթի, 1 Յունուար, 2015

Նոր Տարին աղօթքով դիմաւորելու առաջադրութեամբ, Նոր Տարուան առաջին իսկ ժամուն, Հինգշաբթի, 1 Յունուար, 2015, կէս գիշերուան ժամը 00։30-00։45-ին, Ս. Գէորգ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ գոհաբանական աղօթք, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

 

2.- Հինգշաբթի, 1 Յունուար, 2015

Նոր Տարուան առաջին ժամերը Սուրբ Պատարագով սկսելու եւ որպէս նոր մարդ՝ Սուրբ Հաղորդութեամբ նորոգուելու հաւատքով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, կէսօրուան ժամը 11։00-ին։ Պիտի Պատարագէ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան եւ պիտի քարոզէ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Ս. Պատարագի աւարտին, կէսօրուան ժամը 1։00-3։00, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի ընդունի Նոր Տարուն շնորհաւորութիւններ, Ազգային Առաջնորդարանի Դահլիճին մէջ։

 

3.- Երկուշաբթի, 5 Յունուար, 2015

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Ճրագալոյցի Երեկոյեան, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Պիտի Պատարագէ եւ Քարոզէ

ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ. ՍՐԲ. ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին

Ս. Պատարագի Երգեցողութիւնը պիտի կատարուի, «ՆՈՐ ԾԱՂԻԿ» Երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Տիկին Էլօ Հարպոյեանի։

Սկիզբ Ժամերգութեան, յետմիջօրէի ժամը 4։00-ին։

Սուրբ Գիրքերէն ընթերցում, յետմիջօրէի ժամը 4։30-ին։

Սուրբ Պատարագ, Երեկոյեան ժամը 5։30-ին։

Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ գտնուելու Յիսուս Քրիստոի Ծնունդը աւետող Սուրբ Պատարագին եւ լսելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պատգամը։

Ս. Պատարագի աւարտին, իրիկուան ժամը 8։00-9։00, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի ընդունի Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւններ, Ազգային Առաջնորդարնի Դահլիճին մէջ։

 

4.- Երեքշաբթի, 6 Յունուար, 2015

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Պիտի Պատարագէ եւ Քարոզէ

ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ. ՍՐԲ. ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին

Ս. Պատարագի Երգեցողութիւնը պիտի կատարուի, «ԶԱՐԵՀ ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ» Դպրաց Դասին կողմէ ։

Սկիզբ Ժամերգութեան, առաւօտեան ժամը 9։30-ին։

Սուրբ Պատարագ, Առաւօտեան ժամը 11։00-ին։

Ջրօրհնէք, յետմիջօրէի ժամը 1։00-ին։

Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ գտնուելու Յիսուս Քրիստոի Ծննդեան Սուրբ Պատարագին եւ լսելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պատգամը։

Ս. Պատարագի աւարտին, յետմիջօրէի ժամը 2։00-3։00, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի ընդունի Ս. Ծննդեան շնորհաւորութիւններ, Եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։

 

5.- Չորեքշաբթի, 7 Յունուար, 2015

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, ննջեցելոց յիշատակին նուիրուած Սուրբ Պատարագ Պիտի մատուցուի Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսպետութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

 

* * *

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us