Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ՝ Այցելութիւն Ատրպատական Թեմի Ազգային Առաջնորդարան

Թաւրիզի մէջ տեղւոն Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, հիւրընկալեց Գանատահայերը։

Գրիգոր Սրբազան պատմական ակնարկ մը կատարեց Թեմին եւ շրջանին մասին եւ իր ուրախութիւնը արտայայտեց իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այս այցելութեան համար։

Ազգային Առաջնորդարան այցելութենէն ետք, շրջապտոյտի մասնակիցները ուղեւորուեցան դէպի Քանտովան, որ կը գտնուի Թաւրիզի հարաւը եւ նշանաւոր է իր 700 տարուան պատմութեամբ եւ ժայռային բնութեամբ։

Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբերին, ուխտաւորները կը մեկնին դէպի Թադէ Վանք, Ս. Ստեփանոս Վանք եւ Աւարայրի դաշտ։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us