ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ

Սեպտեմբեր 5-6, 2014_ Ազգային Վարչութիւնը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Բարիքեանի, գումարեց իր Լիագումար ժողովը Սէնթ Գաթրինզի մէջ, ուր հանդիպեցաւ նաեւ տեղւոյն Ս. Պօղոս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հետ։  Նոյն շաբաթվերջին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հետ։

Սեպտեմբեր 6, 2014_ Ազգային Վարչութիւն ներկայ գտնուեցաւ Գէյմպրիճի մէջ տեղի ունեցած, Մուսա Լերան Հերոսամարտի մատաղի օրհնութեան եւ ժամերգութեան, որ նախագահես Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Սեպտեմբեր 7, 2014_ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան, Սոււրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց՝ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։

Սեպտեմբեր 9, 2014_ Գլխաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանի եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու ներկայացուցիչներուն, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Համազգայինի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն, շքախումբը պաշտօնական այցելութեամբ շնորհաւորեց Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Աբքար Վրդ. Հովաքիմեանը։

IMG_2607Սեպտեմբեր 11, 2014_ Պրն. Յարութ Շիթիլեան, Մոնթրէալի Քաղաքապետարանի Գործադիր Մարմնի փոխ-ատենապետ, այցելեց Ազգային Առաջնորդարան, հանդիպելու համար Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Պրն. Շիթիլեան արծարծեցին զանանզան նիւթեր, որոնք կը շաքրքրեն Մոնթրէալ քաղաքը իր հայութեամբ եւ քէպէքցիներով։

Սեպտեմբեր 13, 2014_ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի Մարմնի կազմա-կերպած MOULINARI ելոյթին՝ որ մեկնարկն էր հարիւրամեակի նուիրուած նախաձեռնութիւններուն, Մոնթրէալի մէջ։

Սեպտեմբեր 13, 2014_ Սուրբ Խաչի տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց, Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց եւ քարոզեց Ս. Խաչի Մեծահանդէս Անդաստան Թափորին, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Սեպտեմբեր 19, 2014_ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարան, իր հայրական աղօթքն ու քաջալերական ու գնահատանքի խօսքը փոխանցելու՝ հայեցի դաստիարակութեան նուիրուած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք 2014-2015 դպրոցական տարեշրջանին, սկսան մասնակցիլ Առաջնորդարանի կազմակերպած Հայերէնի ուսուցիչներու մանկավարժական դասախօսութիւններուն եւ աշխատանոցներուն։

Սեպտեմբեր 20, 2014_ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութեան անդամները ներկայ գտնուեցան Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցաշի-նութեան կալա-ճաշկերոյթին։

Սեպտեմբեր 21, 2014_ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին նախագահեց եւ քարոզեց, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր Եկեղեցիները, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին «Հանրապետական Մաղթանք»ով, նշեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 23-րդ տարեդարձը։

Կը փափաքինք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել Առաջնորդարանի Հոկտեմբեր ամսուան նախաձեռնութիւնները.-

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 13-ին, Գոհաբանութեան Օրուան աւանդա-կան ընտանեկան ընթրիք, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի, «Աւետիս Ահարոնեան» սրահ։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 16-ին, Շնորհահանդէս, նուիրուած Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան լոյս ընծայած «Ծիսական Գիտելիքներ» հատորին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի, «Աւետիս Ահարոնեան» սրահ։
Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23-ին, Հայ Ուսուցիչներու Գնահատման Երեկոյ, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահ, Մոնթրէալ։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25-ին, Թեմիս Դպրաց Դասերու Համախմբում, Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, Լաւալ։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 31-ին, Ժողովրդային ձեռնարկ, կը վկայաբանէ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահ։ Սրբազան Հայրը ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Գէյմպրիճի եւ Թորոնթոյի մէջ, Նոյեմբեր 3 եւ 5 թուականներուն (տեսնել յայտարարութիւնը)։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us