Գանատայի Հայոց Թեմի Միօրեայ Սեմինար

photoՀայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ  Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հոգեւոր Հովիւներուն, Հոգաբարձութեանց, Երեսփոխաններուն եւ Ազգային Պատգամաւորներու միօրեայ սեմինարը նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի՝ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 17 Նոյեմբեր 2012-ին, Քինկսթընի մէջ:

Օրակարգը կ’ընդգրկէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյնի խօսքը, որուն ընթացքին Խաժակ Արքեպիսկոպոս ըսաւ. «Հայեցի դաստիարակութիւնը սուր հարց դարձաց է Գանատայի գաղութին համար եւ եթէ զգոյշութեամբ չմօտենաք՝ կացութիւնը կրնայ մեծ վտանգ յառաջացնել …: Մեր աշխատանքով, մեր համայնքերէն եւ գաղութներէն ներս՝ ամէն մակարդակի վրայ, մեր կազմակերպական իսկական գոյութեան նպատակը տէր կանգնիլ է մեր սերունդներուն եւ ապագայ սերունդին: Եթէ այսքան ճիգ կը թափուի հիմնականին վրայ մեր աւանդութիւնները, հաւատքը եւ դիմագիծը պահելու համար է, ըսաւ Սրբազան Հայրը: Նպատակը այս է, պահել մեր ազգային ինքնատուութիւնն ու արժէքները եւ փոխանցել յաջորդ սերուներուն:

Ազգային Վարչութեան գործունէութեան ներկայացումը կատարեց պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Ատենապետ Ազգային Վարչութեան: Պրն. Տէր Ղազարեան յետադարձ ակնարկ մը կատարեց վերջին վեց ամիսներու ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն ու ապա կեդրոնացաւ յառաջիկայ ամիսներու ծրագիրներուն եւ նախաձերնութիւններուն մասին:

Այս տարուան սեմինարի կեդրոնական նիւթերը հանդիսացան հայեցի դաստիարակութեան ներկայ կացութիւնը եւ մարտահրաւէրներն ու հիմնահարցերը: Առաջին հերթին՝ «Հայեցի Դաստիարակութեան Մերօրեայ Մարտահրաւէրները» նիւթին զեկուցաբերն էր՝ տիկին Սոնիա Քիլէճեան Աճէմեան, ու ապա «Հայեցի Դաստիարակութիւնը՝ Ազգային Վարժարաններէն ներս – կարիքներ, մտահոգութիւններ եւ նախաձեռնութիւն-ներ» զեկուցեցին տիկին Լենա Գատեան, տնօրէնուհի, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի եւ Փրոֆ. Արմէն Մարտիրոսեան, տնօրէն, ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի:

Համախմբումի վերջին օրակարգով հանդէս եկան Թեմիս բոլոր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ զեկուցեցին իրենց իրավիճակին եւ ծրագիրներուն մասին:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պահպանիչով փակուեցան օրուան օրակարգի նիւթերը:

no images were found



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us