ՀԱՅԵՑԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

ՀԱՅԵՑԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Վարչութեան եւ համագործակցութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին, Շաբաթ, 4 Մարտ 2017-ին, Առաջնորդարանի Դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ հայեցի տարբեր համակարգերու միացեալ խորհրդաժողով մը, մասնակցութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Շրջանային Վարչութեան, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի Կրթական Մարմնին, Տնօրէնին եւ Հայեցի Դաստիարակութեան պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի Կրթական Մարմնին, Տնօրէնին եւ Հայեցի Դաստիարակութեան պատասխանատունե-րուն։

Սոյն խորհրդաժողովի նպատակն էր, հայեցի դաստիարակութեան ծիրէն ներս գործնական որոշումներու հանգիլ, մղուած՝ այսօրուան մեր դիմագրուած մարտահրաւէրներէն։

Համագանատական մակարդակի վրայ գումարուած սոյն խորհրդաժողովը նախ բանաձեւեց «Հայեցի» հասկացողութիւնը եւ որոշեց կեդրոնական մարմին մը յառաջացնել, որպէսզի ուսումնասիրեն հայեցի կրթութեան, հայերէն լեզուի ուսուցման կազմակերպման կառուցուածքը հիմնուած Գանատայի առանձնայատկութիւններուն վրայ։

Խորհրդաժողովը ընթացաւ կարծիքներու շինիչ փոխանակումով եւ գործնական ու իրապաշտ մօտեցումներով։

Խորհրդաժողովը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us