Հոգեշնորհ Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան Կը նշանակուի Գէյմպրիճի Հոգեւոր Հովիւ

Հոգեշնորհ Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան Կը նշանակուի Գէյմպրիճի Հոգեւոր Հովիւ

Very Rev. Fr. Hovhannes SaghdjianԱւազանի անունով Ճորճ, ծնած է 30 Մարտ 1991ին, Հալէպ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի «Սահակեան» Ազգային վարժարանէն ներս:

2003-2004 տարեշրջանին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք եւ 8 տարիներ ուսանելէ ետք, 19 Յունիս 2011ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի բարձր տնօրինումով, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ:

Կաթողիկոսարանէն ներս ստանձնած է Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիրի պաշտօնը 2011 Յունիսէն 2013 Յուլիս, ինչպէս նաեւ դպրեվանքէն ներս ուսուցչութիւն կատարած է 2011-2013 թուականը:

2013 օգոստոս 1ին մեկնած է Յունաստան եւ աւելի քան երկու տարիներ որպէս Հոգեւոր Հովիւ ծառայած է տեղւոյն Սուրբ Յակոբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքին։

12 Յուլիսի 2015ին, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով կ՚արժանանայ  Վարդապետական Աստիճանի։

1 Սեպտեմբեր 2016-ին, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ կը ժամանէ Գանատա ծառայելու համար որպէս Հոգեւոր Հովիւ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքին։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us