Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան այցելեց Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարան

IMG-2014091Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան այցելեց Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարան

Ուրբաթ, 12 Սեպտեմբեր, 2014-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» Երկրորդական այցելեց՝ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, որ իբր հիւր-ուսուցիչ, Երկորդական Դ կարգի Մշակոյթի դասապահերուն ընթացքին, ներկայացուց Կրօնք հասկացողութեան զարգացումը եւ անոր հիմնական բաղադրիչներուն իմաստն ու արտայայտութիւնը՝  կրօնական ծիսակատարութիւններու, հայկական տօներու կամ աւանդութիւններու ընդմէջէն։
Դասաւանդման աւարտին, աշակերտները հարցումներու տարափով արտայայտեցին իրենց հետաքրքրութիւնը, որոնց Հայր Վարդան պատասխանեց մէկ առ մէկ, հետքրքրական եւ օգտակար գիտելիքներ փոխանցելով անոնց։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us