Շնորհահանդէս «Ծիսական Գիտելիք»ներ Հատորին

IMG_2801Ընդ Բարձր Հովանաւորութեամբ եւ Նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանի՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդներուն, Հինգշաբթի 16 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Ծիսական Գիտելիքներ» հատորի լոյս ընծայման առիթով, որուն հեղինակն է՝ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան եւ զայն ներկայացուց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան։

Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց Տիկին Սոնիա Գիլէճեան-Աճէմեան, ընդ որում իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի աշակերտուհիներէն՝ Լիանա Տէտէյեանն ու Կարինէ Կարապետ-եանը ասմունքներով, իսկ Պրն. Վիգէն Գրիգորեան ներկայացուց հեղինակ Սրբազան Հօր կենսագրականը։

Տեղի ունեցան սրտի խօսքեր հեղինակին եւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու Հոգաբարձութեան Ատենապետին կողմէ։

Յայտագրի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր Հայրական խօսքով բարձրօրէն գնահատեց Սուրէն Արքեպիսկոպոսի գործունէութիւնն ու անոր վաստակը, որմէ անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնը։
IMG_2822 IMG_2792

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us