ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՊԱՏԱՐԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սարկաւագաց Պատարագ
Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ

IMG_9064

Հինգշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի, Թեմիս Հոգեւորականաց Դասը, եկեղեցիներու Սարկաւագները, Կիսասարկաւագներն ու դպիրները մասնակցեցան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանը։

Պատարագի աւարտին, Առաջնորդարանի Դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ ընթրիք՝ նուրիուած Թեմիս բոլոր  Սարկաւագներուն։

IMG_9052 IMG_9039 IMG_9000 IMG_8979 IMG_8964



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us