ENCYCLICAL OF HIS HOLINESS ARAM I, ON THE OCCASION OF THE 100TH ANNIVERSARY OF THE ARMENIAN GENOCIDE

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

Յառաջիկայ Կիրակի, 28 Դեկտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարէն ներս, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին պիտի կարդացուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը։

Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ներկայ գտնուելու Ս. եւ Անմահ Պատարագին՝ մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս ունկնդրելու Վեհափառ Հայրապետին Կոնդակը եւ անկէ եկող մտածումներով ու պատգամներով գoտեպնդուած արժեւորելու 2015 թուականը մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին մէջ:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us