Armenian Teachers Appreciation Day 2016

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Գնահատեց Հայ Ուսուցիչները

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ հայ ուսուցիչներու գնահատման երեկոյ, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ։

Ձեռնարկի բացումը կատարեց, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Քանի մը օրեր առաջ նշեցինք մեր սուրբ թարգմանիչներուն տօնը, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ, անդրադարձ մեր վաղեմի պատմութեան, հայ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ծնունդ տուող անկիւնադարձային պատումին, մեր հսկաներուն, ուսուցիչ վարդապետներուն, որոնք հիմը դրին հայ դպրութեան, ծնունդ տուին վանքերու, վանքերը զգեցան հոգի, միտք եւ դարձան ուսումնարաններ, տաճարնեը եղան կաճառներ, եւ այսպիսով ահա այսօր այս բոլորին մարմնացումն ու խօսուն պատկերը Հայ Դպրոցն է»։

Հայր Սուրբին խօսքէն ետք, կատարուեցան 20 տարիներ եւ աւելի ծառայած հայ ուսոցիչներու գնահատագրերու տուչութիւնը. Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցիչներէն՝ Շողիկ Նաճարեան եւ Յասմիկ Նաճարեան, ինչպէս նաեւ տնօրէն՝ Թորոս Պապիկեան արժանացան Թեմակալ Առաջնորդի գնահատարագրին։ Ծաղկոցի ուսուցչական կազմէն՝ Կարինէ Թաշճեան, Թերեզա Տէր Աթամեան, Մարալ Գազանճեան, Լենա Տէկիրմէնճեան, Հուրի Թոփալեան, Զապէլ Մալոյեան, Անի Ուսթայեան, Վարսիկ Պանիրեան, Հուրի Համամճեան եւ տնօրէնուհի՝ Սիլվա Քէօշքէեան։ Ամէնօրեայ Վարժարանէն՝ Արշօ Դերձակեան, Յարութ Պէրպէրեան, Մարալ Արապեան, Լուսին Փալանճեան, Պէլլա Ուրֆալեան եւ Սեդա Պասմաճեան։

Այս առիթով, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս նաեւ գնահատեց Համազգայինի Մոնթրէալի Սանահին մասնաճիւղի գրադարանի եւ գրատարածի երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած եւ մատուցող նուիրեալ անդամները, որոնց շարքին են՝ Մարալ Գասարճեան, Վահագն Շամլեան, Անահիտ Պարտաքճեան, Սօսի Սարաֆեան, Ալպերա Սիուֆի, Վերոնիքա Մնակեան, Մատլէն Թավրիզեան, Աստղիկ Մարաշլեան, Յասմիկ Ճիկունեան, Անահիտ Քիւթներեան, Համաբարձում Փափազեան, Րաքէլ Տէմիրճեան, Սիրուն Նէրսէսեան, Արմէնուհի Տէմիրճեան եւ Անճելա Գրատեան։

Գնահատագրերու բաշխման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցեց եւ ըսաւ. «Ներկայ դարուն, աշխարհի մարդկութիւնը փնտռտուքի մէջ է, առողջ, գիտակից դաստիարակուած մարդը լոյս աշխարհ բերելու։ Դաստիարակութիւնը ամբողջ աշխարհի մտահոգութեան առարկայ է, այս իմաստով, մեր զաւակները յանձնուած են ձեզի՝ ուսուցիչներուդ, գուրգուրալու, դաստիարակելու, քրիստոնէական դաստիարակութիւն եւ հայեցի կրթութիւն ջամբելու՝ մարդը եւ հայը կերտելու։ Հետեւաբար, հայ ուսուցիչը առաքեալ է, դաստիարակ է եւ ոգի ներշնջող տիպար օրինակ է, այդ պատճառով ալ կը գիտակցինք ձեր առաքելութեան վեհութեան եւ կը գնահատենք ձեր բոլորին նուիրումը»։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us