ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ
ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ-ՇԱԲԱԹՕՐԵԱ3-ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ
ՕԳՈՍՏՈՍ 24, 2013 / ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ 9:00-15:00
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԴԱՀԼԻՃ
ՄՈՆԹՐԷԱԼ

Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի առաքելութեան եւ աշխատանքնային ծիրին մաս կը կազմէ, ամրապնդել այսօրուան հայ-քրիստոնեան եւ կերտել բարոյական ու համամարդկային արժէքներու հաւատացող վաղուան մարդը՝ հոգեմտաւոր, եկեղեցական ու ազգային ձգտումներով եւ ծառայութեան շօշափելի իրագործումներով:

Իսկ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդը, ծրագիրներու միջոցով, կը միտի պատրաստել նոր սերունդը ծառայելու հայրենիքին ու հայ եկեղեցւոյ պահպանման, կազմաւորելով բարոյական եւ համամարդկային արժէքներով, փոխանցելու հայ ինքնութիւնը՝ սերունդէ սերունդ:

Այս նպատակէտով, Խորհուրդները միասնաբար ծրագրած են գործադրել ուոսւցչական միօրեայ սեմինար-աշխատանոց մը, Կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ Շաբաթօրեայ ու Ամէնօրեայ Վարժարաններուն համար։

Քրիստոնէական եւ Հայեցի դաստիարակութեան խորհուրդներու առաքելութիւնն է մշակել եւ յանձնարարել նոր եւ գործնական ծրագիրներ եւ գաղափարներ, որոնք պիտի օժանդակեն խանդավառութիւն եւ մղում տալ քրիստոնէական ու մեր ազգային եկեղեցական դաստիարակութեան:

Օգոստոս 24, 2013-ին տեղի ունենալիք սոյն ծրագրի յայտագրին մաս կը կազմեն հետեւեալ նիւթերը.-
«Ծանօթացում Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ
Արարողակարգերուն եւ Ծէսերուն»
Դասախօս՝ Պրն. Թորոս Պապիկեան

«Հայ Ուսուցիչը՝ որպէս Հայապահպանումի Առաքեալ»
(Կրօնք, մշակոյթ, լեզու / մանկական դաստիարակչական նիւթեր
Դասախօս՝ Տիկին Սոնիա Քիլէճեան Աճէմեան

«Քրիստոնէական Դաստիարակի Առաքինութիւնները»
«Բարոյական Արժանիքներու Ներածում Մանուկներու Մօտ»
Դասախօս՝ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան

Բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են եւ կը փափաքին մասնակցիլ այս սեմինար-աշխատանոցին, կրնան կապ հաստատել Ազգային Առաջնորդարան 514-856-1200 թիւին եւ կամ գրել prelacy@armenianprelacy ել-նամակի հասցէին:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us