His Grace Bishop Meghrig Parikian visits

10646642_815875835176851_2542905137132855386_nHis Holiness Patriarch Moran Mor Ignatius Aphrem II in Toronto

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻ
ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2015-ի կէսօրուան ժամը 12։00-ին, Թորոնթոյի Hilton Պանդոկին մէջ, Գանատայի Հայոց Տիրախնամ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Ս. Եպս. Բարիքեան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրաբ Բ.ի հետ։ Սոյն տեսակցութեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Թորոնթոյի “Ս. Աստուածածին” եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Թորոնթոյի “Ս. Աստուածածին” եկեղեցւոյ Ծխատէր՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Փանոսեան եւ Տիար Յարութ Սիփան Սարգիսեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին, Նորին Սրբութեան փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։ Այս առիթով Պատրիարք Հօր փափաքով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց վերջերս դէպի Կիլիկիա կատարուած ուխտաւորութեան եւ Վեհափառ Հօր այդ առիթով գրուած Պատգամը։ Ան շնորհաւորեց Ասորի նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը ձեռամբ Պատրիարք Հօր եւ այս առիթով եկեղեցւոյ նուիրեց խորանի արծաթեայ կանթեղ մը, իսկ Պատրիարք Հօր նուիրեց յատուկ կերպով պատրաստուած թանկարժէք ձեռնակոճակ մը (Cufflinks): Տեսակցութեան աւարտին, Պատրիարք Հօր փափաքով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու պատուիրակութիւնը ճաշի հիւրը եղան։

Շուրջ 3 ժամ տեւողութեամբ տեսակցութեան ընթացքին, անոնք արծարծեցին Հայոց Ցեղասպանութեան, Սուրիական Sayfo-ի մասին եւ Գանատայի մէջ Ասորի եւ Հայ եկեղեցիներու առաւել գործակցութեան շուրջ։ Նշենք որ ներկայ էին Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Գանատայի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աթանասիոս Էլիա Պահի Եպս.ը, Պատրիարք Հօր Քարտուղար՝ Գերշ. Տ. Տիմոթէոս Մաթթա Ալ-Խուրի Եպս.ը, Հոգշ. Տ. Քրիլլոս Պապի Վրդ.ն ու Հոգշ. Տ. Ժագ Եագուպ Վրդ.ը։

11231139_815875818510186_6681158137255679146_n 11949402_815875745176860_5994414683319297209_n 11947456_815875728510195_8604450919128636216_n



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us