Jehizian visits Prelacy

IMG-20141126-WA000Գրագէտ Տիկին Ճէհիզեան կը հանդիպի Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հետ

Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2014-ի կէսօրուան ժամերուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան այցելեց, Տիկին Իզապէլ Էսթուրնէ Ճէհիզեան ուր հանդիպեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանին հետ։

Տիկին Ճէհիզեան Մոնթրէալ ժամանած էր Ֆրանսայէն ներկայացնելու համար իր հեղինակած «Մոմիկ» գիրքը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան անդամներ, տիկիններ՝ Ռիթա Շամլեան եւ Ծովիկ Գահուէճեան։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us