Karnanayin Jampar

IMG-20150207-WA000

Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի
Գարնանային ճամբարի
նախապատրաստական աշխատանքները սկսան

Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդներուն կազմակերպութեամբ` 2-6 Մարտ, 2015-ին, Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանէն ներս Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Գարնանային ճամբարը պիտի բանայ իր դռները 5-12 տարեկան երեխաներուն եւ պատանիներուն համար, որպէսզի անոնք իրենց ձմեռնային արձակուրդը անցնեն հաճելի, ապահով եւ հայկական միջավայրի մը մէջ ու պատրաստ ըլլան գարունը դիմաւորելու ուրախութեամբ, կենսունակ ժպիտով ու գիտելիքներով հարստացած:

Անսալով մեր գաղութի կարիքներուն, գարնանային ճամբարը միջոց մըն է նաեւ օգտակար հանդիսանալու բոլոր այն ծնողներուն, որոնք կը փափաքին իրենց երեխաներուն եւ պատանիներուն արձակուրդը վստահիլ փորձառու մանկավարժներու ու պատրաստուած վարիչներու հսկողութեան եւ խնամքին։

Ճամբարը մէկ շաբթուան ընթացքին ձեր զաւակներուն պիտի պարգեւէ անմոռանալի ուրախ պահեր, մարզական, արուեստի, ընկերային եւ դաստիարակչական խաղերու եւ ձմեռնային ժամանցային վայրերու այցելութեանց ընդմէջէն:

Արձանագրութիւններու եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Ազգային Առաջնորդարան, հեռաձայնելով 514-856-1200 թիւին:

Վստահեցէ՛ք ձեր զաւակները մեզի եւ գոհ պիտի մնաք:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us