Keghart Kosbakian

Keghart DS3Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան
Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան ստացաւ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, Շաբաթ, 21 Մայիս 2016-ի յետ «Կիրակմուտքի» ժամերգութեան, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամ եւ նոյն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանի Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանի տուչութեան արարողութեան առաջին բաժինը, ձեռամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Անդրանիկ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանի։

Կիրակի, 22 Մայիս 2016-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին եւ Տէրունական աղօթքէն առաջ, ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Եկեղեցւոյ խորանը: Յաջորդաբար Հայր Գեղարդին շնորհեց Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանները՝ Սուրբ Տաթեւացիի կողմէ ըսուած աղօթքով եւ օրհնութեամբ։

Արարողութեան աւարտին խօսք առաւ Խաժակ Արքեպիսկոպոսը եւ Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Սրբ. Եպկ. Յովակիմեանը։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ՝ Անկլիքան եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսին ներկայացուցիչ՝ Rev. Dr. Michael Knowles, Father Domadius Saleh (Ղպտի Եկեղեցի), Father Tadros Tadros (Եթովպիական Եկեղեցի), Rev. Dr. Lee Beach (McMaster Համալսարան), Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարկարեան (Ս. Երորդութիւն Եկեղեցի) եւ Nina Thomas (McMaster Համալսարան)։

Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանի թեզը որ թելադրուած էր Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, կը ներկայացնէ՝ «Ներածութիւն Հին Կտակարանի Երկրորդականոն Գիրքերու – բովանդակութիւն եւ պատմական արժէք» ուսումնասիրութիւնը։

Keghart DS1-1 Keghart DS9 KEGHART DS3-1 KEGHART DS1 KEGHART D4



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us