LAVAL Festival

Առաջնորդ Սրբզան Հայրը այցելեց
Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Տարեկան Ֆեսթիվալին

26-28 Յունիս 2015-ի շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Տարեկան Ֆեսթիվալը։ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան կատարեց իր այցելութիւնը շաբաթավերջի ընթացքին եւ քարոզեց կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին, որ տեղի ունեցաւ ֆեսթիվալի վրանին ներքեւ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց բոլոր կամաւորները իրենց կատարած բացառիկ աշխատանքին համար, որուն շնորհիւ ձեռնարկը պսակուեցաւ կատարեալ յաջողութեամբ։

Սոյն շաբաթավերջին Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան եւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ պրն. Վարդավառ Փանոսեան, ներկայ գտնուեցան ֆեսթիվալին։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us