LSARAN 1_ January 20, 2017

IMG_4059Առաջնորդարանի Երիտասարդական Լսարան

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Ուրբաթ, 20 Յունուար 2017-ին, սկսաւ Առաջնորդարանի երիտասարդական լսարաններու շարքի առաջին հանդիպումը, ղեկավարութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին՝ Վարիչ, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին։

Լսարանի առաջին նիւթն էր՝ «Երիտասարդութիւնը, Հայ Եկեղեցին եւ ընկերային կեանքի ամէնօրեայ փոփոխութիւնները», որ ներկայացուց Հայր Վարդան, անդրադառնալով Աստուածաշունչի մասին եւ թէ ինչո՞ւ կարեւոր է կարդալ Աստուծոյ խօսքը ընտանիքներէն ներս, ի՞նչն է որ մեզ ետ կը պահէ եկեղեցի երթալէ, հայ ընկերութեան մէջ ի՞նչպիսի առաւելութիւններ եւ կամ թերութիւններ կը տեսնենք, ո՞րքանով մեզ կը հետաքրքրէ համայնքային հաւաքական կեանքի առողջ կառոյցը, մենք մեր անձերը ո՞ւր կը տեսնենք որպէս քրիստոնեայ երիտասարդներ, ի՞նչ են երիտասարդութեան այժմեան դժուարութիւններն ու հարցերը, ի՞նչ է երիտասարդ, ընտանիք եւ եկեղեցի գաղափարները միացնող կապը, եւ վերջապէս, ի՞նչ ծրագիրներ կարելի է մշակել առաւել թափով երիտասարդնրը ներգրաւելու մեր ազգային եկեղեցական կեանքէն ներս։

Լսարանի մասնակից երիտասարդները հետաքրքրութեամբ լսեցին Հայր Սուրբին ներկայացումը ու ապա իրենց ներդրումով եւ խմբային զրոյցով տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում եւ հետաքրքրական ու գործնական առաջարկներ։

Լսարանի աւարտին տեղի ունեցաւ ընկերային խանդավառ եւ մտերմիկ հաւաք։

Լսարանի շարքի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 3 Փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Առաջնորդարանի Դահլիճէն ներս։ Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ սոյն լսարաններու շարքին, կրնան Առաջնորդարան հեռաձայնել 514-856-1200 թիւին, կարելի է հետեւիլ Առաջնորդարանի Armenian Prelacy of Canada Դիմատետրի հասցէի յայտարարութիւններուն եւ կամ ներկայ գտնուիլ նշուած թուականին։

IMG_4027 IMG_4043



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us