Msour Event

Առաջնորդարանի Մսուրի ու Կաղանդի Ծառի Լուսաւորում

ARM_3082

Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2014-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի մսուրի եւ կաղանդի ծառի լուսաւորումը բարձր հովանաւորհութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանին եւ նախագահութեամբ Տիկին Լինտա Պալապանեանին։ Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Տիկին Պալապանեանը եւ պարգեւատրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2014 տարին «Հայ Տարեցներու Տարի» հռչակած ըլլալուն յատուկ գնահատագրով։ Սոյն նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները փունջ մը նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան երգերով, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց բոլոր ներկաներուն մէջ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով գնահատեց մսուրի յղացման եւ զայն շինող ազգայիններէն Պրն. Պետիկ Շահինեանը  եւ իր տիկինը՝ Լիւսին ու անոնց որդին Վահէն, որոնք խանդավառութեամբ պատրաստեցին մսուրը եւ ստանձնեցին անոր բոլոր ծախսերը։ Մսուրը զետեղուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին կից՝ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։

Սրբազանը այս առիթով գնահատեց նաեւ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան անդամները իրենց զեղուն նուիրուածութեան համար։ Սրբազան Հայրը յաջորդաբար շնորհա-կալութիւն յայտնեց Բարեշնորհ Միհրան Կիսսրկ. Խշխըշեանին ու անոր տիկնոջ Նարինէին, որոնք ստանձնեցին շաքանակի եւ hot chocolate-ի հիւրասիրութիւնը։ Տէր եւ Տիկին  Պետիկ եւ Նուշիկ Նալպանտեաններուն, որոնք ստանձնեցին բոլոր լոյերու տեղա-դրումը, Պրն. Ճորճ Խրիկեանին իր ամբողջական ընծայաբերման համար, Երիցուհի Նինա Գոյունեանին, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Քոյրերուն եւ բոլոր անոնց, որոնք Առաջնորդարանի Կանանց Խորհուրդին առաջնորդութեամբ պատրաստեցին ճոխ հիւրասիրութիւն մը։

ARM_3164 ARM_3159 ARM_3156 ARM_3143 ARM_3133 ARM_3116 ARM_3103 ARM_3088



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us