Prelate Sarkissian meets with Sister organizations and Church representatives

IMG_3012Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին  
Ծանօթացման Հանդիպումները


Ա.    Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ Գանատայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէներուն հետ։ Սոյն հանդիպման ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի Ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Տօնապետեան, Ս. Յակոբ, Ս. Աստուածածին, Ս. Գէորգ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիներն ու Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամները։ Խօսակցու-թիւնները կեդրոնացան Սուրիահայութեան այս օրերու համատարած դժուարութեանց վրայ։ Յաջորդաբար խօսք առին, Առաջնորդ եւ Շահան Սրբազան Հայրերը, իսկ յանուն Հ.Յ.Դաշնակցութեան՝ Տիար Ռաֆֆի Տօնապետեան։

Բ.    Նոյն օրը, երեկոյեան, Շահան Սրբազան յատուկ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Քոյր Միութիւններու եւ Կազմակերպութիւններու Շրջանային Վարչութեանց, Եկեղեցիներու Հոգաբարձութեանց, Ազգային Երեսփոխաններու եւ Թեմիս Պատգամաւորներուն հետ։

    Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալստեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Հալէպի «Դպրոց Հիմնադրամ»ի Գանատայի ամբողջական ինքնընծայումը եւ շեշտեց, որ մենք բոլորս նոյն ճամբուն մէջ վախճանաբանական նոյն հասանելիութեան կէտը ունինք, անիկա՝ մեր Հայ ըլլալն է, մեր Հայրենիք-Սփիւռքի միախառնումով։ Ապա Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրըս իր խօսքը յղելով ներկաներուն յստակացուց, ըսելով. «Տէր Զօրը մեր գոյութեան մշտաբորբ ջահն է, որ արեւու ճարագայթի նման կը շարունակէ լուսաւորել մեր չընկրկած հոգիները»։ Սրբազան Հայրը ընդարձակ տեղեկութիւններ փոխանցեց Սուրիահայ կեանքի իրավիճակին մասին, յստակացուց որ Սուրիական Հայրենիքը եւ Սուրիահայութիւնը որոշած են հաստատ մնալ իրենց արմատներուն եւ դարաւոր պատմութեան այս հանգրուանին, պահելով իրենց ինքնութիւնն ու Հայութիւնը։

IMG_3021



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us