Prelate visits Mrs. Hermine Vartanian

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց
Ազգային Բարերար Տիկին Հերմինէ Վարդանեանին

IMG_20140706_190404Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան, Կիրակի, 6 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, այցելեց Տիկին Հերմինէ Վարդանեանին, Լաւալահայ գաղութի բարերարուհի եւ նախագահուհի եկեղեցաշինութեան հանգանակային կալա ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ, Սեպտեմբեր 20, 2014-ին։

Սրբազան Հօր այցելութիւնը կը միտէր իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւն յայտնել, Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ այս նուիրեալ ու ազնուափայլ տիկնոջ, որ իր կարելիութեան սահմաններէն ներս, միշտ նեցուկ կանգնած է Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ ընտանիքին։

Այցելութեան ներկայ էին նաեւ, տիկին Հերմինէ Մանուկեան, փոխ-ատենապետուհի՝ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան, ատենապետ՝ Եկեղեցաշինութեան Հանգանակային Մարմնին եւ պրն. Զաւէն Չօգագլեան, ատենապետ՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us