Prelate Visits Sourp Hagop Saturday School

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պարգեւեց իր Անդրանիկ Այցը
Ս. Յակոբ Շաբաթօրեայ Վարժարանի Աշակերտութեան

Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան` Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, իր անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Ս. Յակոբ Շաբաթօրեայ Վարժարանի աշակերտութեան, որոնք յատուկ յայտագիրով մը ողջունեցին Սրբազան Հայրը՝ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին առիթով։

Տեղի ունեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր աշակերտներուն կողմէ: Այստեղ եւս Թեմակալ Առաջնորդը բարձր գնահատելով դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Պատի’ւ պէտք է զգաք որ ձեր ծնողները շաբաթօրեայ իրենց զոհողութեամբ, առիթը կու տան ձեզի յաճախելու հայկական վարժարան, նկատի ունենալով Սփիւռքեան մեր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները»:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց սոյն գեղարուեստական երեկոն:

IMG_1314 IMG_1330 IMG_1321 IMG_1318



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us