Prelate’s Dinner Toronto 2017

«Առաջնորդի Ընթրիք» Թորոնթոյի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, 26 Փետրուար, 2017-ին տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի պաշտօնական ճաշկերոյթը Hilton պանդոկի սրահին մէջ։

Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը։ Երեկոյի գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին տուտուկահար Գառնիկ Սոսոյեան եւ օրկանիստ Աբէլ Մելքոնեան։

Սոյն ձեռնարկին, ինչպէս Մոնթրէալի մէջ, ցուցադրուեցաւ Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած լսատեսողական տեսերիզ մը, որուն մէջ յիշուեցաւ Առաջնորդարանի տարած վեց ամսեայ աշխատանքն ու առաքելութիւնը։

Այս առթիւ, Ազգային Առաջնորդարանին իրենց նուիրատուութիւնը կատարեցին՝ Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններ, $10,000 տոլար, եւ Տէր եւ Տիկին Նազար եւ Նինա Չաթալեաններ $5,000։ Նոյն օրը, Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Եղիսաբէթ Զաքարեաններ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեցին ոսկեայ պանակէ մը։

Ճաշկերոյթի ընթացքին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ Կոնդակը, ուր «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշան կը շնորհէր Տիար Վարուժան Լափոյեանին, իր եւ իր տիկնոջ անունով կատարած իշխանական նուիրատուութեան համար։ Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեաններ Թորոնթոյի Ամէնօրեայ Վարժարանի վերամուտին, նուիրեցին $1 միլիոն տոլար եւ ՀՕՄ-ի Երկրորդական վարժարանը անուանուեցաւ ՀՕՄ-ի Լափոյեան Երկրորդական Վարժարան։

Ճաշկերոյթի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ շեշտեց. «Առաջնորդարանի բոլոր աշխատանքները կ՚իրագործուին շնորհիւ Գանատայի տարածքին գործող եկեղեցիներուն եւ անոնց շուրջ գործող կամաւորներու եւ բարերարներու զօրակցութեան, աջակցութեան եւ հաւաքական ճիգին»։ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, իրենց մասնակցութեան եւ ներկայութեան համար սոյն ճաշկերոյթին, յիշեցնելով, որ Առաջնորդարանը այս ընթրիքով իր հաշուետուութիւնը կը կատարէ եւ իրազեկ կը դարձնէ իր նուիրատուներն ու ազգայինները, որոնք անմիջականօրէն մասնակից են բոլոր աշխատանաքներուն։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերքով երեկոն հասաւ իր աւարտին։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us