Requiem service for Artsakh_arpril 2, 2017

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ
ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Այսօր, Կիրակի, 2 Ապրիլ 2017-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին տխուր առիթով, նահատակ քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Ապրիլ 1-5 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ազերիական լայնածիր յարձակումը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ քառօրեայ պատերազմ խորագիրով։

Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի գլխաւորութեամբ, Առաջնորդարանիս կից Յուշարձանին դիմաց, Գանատայի Երիտասարդաց Միութեան Մոնթրէալի Լեւոն Շանթ եւ Լաւաի Բեկոր Աշոտ մասնաճիւղերը  ծաղկեպսակի զետեղում կատարեցին, ուր խօսք առաւ ԳԵՄ-ի ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Կարինէ Կարապետեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց երիտասարդներուն եւ ըսաւ. «Պատիւ մեր երիտասարդութեան, որոնց մէջ միշտ կը տեսնենք վառ հայրենասիրութեան ոգին, ահա այսպիսի երիտասարդներով է, որ մենք պիտի շարունակենք մեր գոյապայքարը եւ պիտի դառնանք տէրը մեր հայրենիքի սուրբ հողին եւ ժողովուրդին»։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us