Sourp Kevork 2017

ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐ՝
ՀԱՒԱՏՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, հալածանքներու ժամանակաշրջան մը եղած է Գ. եւ Դ. Դարը, սակայն եկեղեցին մնացած է ամուր եւ հաստատուն, շնորհիւ եկեղեցւոյ հայրերու եւ սուրբերու ժայռանման հաւատքին։

Արեւելքի եւ արեւմուտքի մէջ յարգուած եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող սուրբերէն մէկն է Սուրբ Գէորգ Զօրավարը։ Ծնած է 3-րդ դարուն Կապադովկիա (Կեսարիա) եւ հասակ առած է քրիստոնեայ հաւատացեալ ընտանիքի մէջ։

Ան եղած է հեզ ու խոնարհ, բայց միաժամանակ քաջ զինուորական եւ գնահատուած է իր շրջապատին կողմէ։ իր քաջագործութիւններով արժանացած է զօրավարի աստիճանին, ժամանակի Դիոկղետիանոս Կայսրի բանակին մէջ։

Դիոկղետիանոս Կայսրը այն ժամանակ յատուկ հրամանագրով հալածանքի կ՚ենթարկէ քրիստոնեաները։ Սուրբ Գէորգ միակ զինուորականն էր որ կ՚անտեսէ կայսրին հրամանը եւ միաժամանակ կը կործանէ բոլոր մեհեաններն ու կուռքերը։ Արդարեւ, չարչարանքներու կ՚ենթարկուի, կը բանտարկուի եւ ապա կը գլխատուի ու կը նահատակուի 303 թուականին։

Հետեւաբար, Սուրբ Գէորգ Զօրավար եղած է հաւատքի ախոյեան։ Եկէ՛ք վերանորոգենք մեր կեանքը Սուրբին հաւատքով, ներշնչուինք եւ ապրինք մեր կեանքը առաւել զօրացած մեր քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքին մէջ, զարդարելու մեր կեանքը բարի գործերով։

Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կը շնորհաւորեմ իւրաքանչիւրդ։ Եկէ՛ք միասնաբար ոգեկոչենք սուրբին յիշատակը եւ որպէս ուխտաւորներ, զօրանանք սուրբին սքանչելի հաւատքով։

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի

Հոկտեմբեր 2017



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us