Sunday School Seminar 2016

dsc_2705for-dania«Ինչպէ՞ս կերտել առաքինի նկարագիրը մանուկներուն մէջ եւ մանկացնել Աստուածաշունչը»

Հովանաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու ուսուցչական միօրեայ սեմինարը, Քինկսթընի մէջ։ Սեմինարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու տնօրէններն ու ուսուցիչները։

Օրակարգի բացումը կատարեց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, Վարիչ՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի, որմէ ետք իւրաքանչիւր կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն ներկայացուց իր դիմագրաւուած դժուարութիւնները, մարտահրաւէրները եւ ինչպէս նաեւ յաջողութիւնները։

Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն՝ Աւետարանի զօրութեան մասին։

Վարդան Վարդապետ ներկայացուց դասախօսական առաջին նիւթը՝ «Աստուածաշունչը եւ ուսուցիչը» ու անոր յաջորդող աշխատանքային նիստը, որուն յաջորդեց ուսուցիչներուն կատարած աշխատանիստերու ներկայացումները։

Դասախօսական երկրորդ նիւթն էր՝ «Աշակերտին առաքինի ուսուցիչը կը դառնայ անոր կեանքի ուղիչը», որ ներկայացուց տիկին Սեմալին Չոգագլեան։

Սեմինարի աւարտին, ուսուցիչները պատասխանեցին յատուկ արժեւորման թերթիկներ, որուն միջոցով կրցան ինքարժեւորել իրենց գիտելիքները, փորձառութիւնները, ինչպէս նաեւ մանուկներուն մէջ իրենց սերմանած քրիստոնէական դաստիարակութիւնը։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ. «պատանիին ու երիտասարդին կեանքին մէջ պէտք է ուղորդել ապրելու նպատակը, որպէսզի անոնք եւս կարենան իմաստաւորել իրենց ապագան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, պատանին մայթի վրայ չպահենք, այլ դաստիարակենք զինք, որ մայթէն վար իջնէ եւ մտնէ կեանքի ասպարէզ՝ պատրաստ նոր հոգիով ու շունչով եւ կերտուած առաքինի նկարագրով»։

«Պահպանիչ» աղօթքով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակեց օրուան աշխատանքային սեմինարը։

no images were found



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us