Tarkmanchats 2015

Tarkmanchats-2«Ճանաչել զիմաստութիւն և զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի, կազմակերպութեամբ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու Հոգաբարձութեան եւ համագործակցութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդներուն, Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ Պատանեկան Սուրբ Պատարագ՝ նուիրուած Սրբոց Թարգմանչաց տօնին։

Պատարագը մատուցեց Արժանապատիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան եւ քարոզը փոխանցեց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան։ Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ մանկապատանեկան ընկերային ժամանց եւ դաստիարակչական խաղեր, Լաւալի Հայ Կեդրոնի «Պարոնեան» սրահէն ներս։ Դրական եւ շատ հետաքրքրական մօտեցում ցուցաբերեցին մանուկներն ու պատանիները, իրենց աշխոյժ մասնակցութեամբ եւ հետեւողականութեամբ ըլլայ եկեղեցիէն ներս եւ թէ խաղասրահին մէջ։

Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իր ազգային եկեղեցական տօները։ Հայ ժողովուրդն ու եկեղեցին, այլ տօներու կողքին, Հոկտեմբեր ամսուն կը նշէ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը՝ յիշատակելով իր իւրայատուկ լեզուն ու մշակոյթը։

Tarkmanchats-1 Tarkmanchats-3 Tarkmanchats-4



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us