Teachers Appreciation Event

IMG_2832-1Թարգմանչաց Տօնին Առիթով
Հայ Ուսուցիչներու Գնահատման Երեկոյ

Ընդ բարձր հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդը կազմակերպած էր Հայ Ուսուցիչներու Գնահատման տարեկան երեկոն, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բասդրմաճեան Թատերասրահ»էն ներս։

Երեկոն նուիրուած էր Հայ ուսուցիչներուն ու դաստիարակներուն, որոնք իրենց առաքելութեամբ կը պատրաստեն ու կը կազմաւորեն Հայ պատանին, որպէս ապագայի պահապանները Հայ ինքնութեան ու մշակոյթին։

Ձեռնարկը ասմունքային երեկոյ մըն էր մենակատարութեամբ արուեստագէտ՝ Նարեկ Ղազարեանին, որ ներկայացուց Վահէ Օշականի, Միսակ Մեծարենցի, Կորիւն Շահինեանի եւ Վահան Թէքէյեանի ստեղծագործութիւնները, որոնք ըմբոշխնուեցաւ ներկայ հանդիսականներուն կողմէ։ Բեմին վրայ արուեստի նոր յղացումով կը մասնակցէր գեղանկարիչ՝ Սիլվա Խաչերեանը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ձեռնարկի աւարտին փոխանցեց իր գնահատականը եւ արժեւորեց արուեստագէտները իրենց տաղանդին համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, յատկապէս թէքնիք բաժնի պատասխանատուներ՝ Սերժ Եսայեանին, Սագօ-Վաչէ Պոյաճեանին, Նորայր Պեզճեանին, Թամար Փանոսեանին եւ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդի անդամներ՝ Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեանին, Աննա Մանուկեանին, Նորա Արուշեանին եւ Լորի Ապրագեանին, որոնք մտայղացած էին ասմունքային այս գեղեցիկ երեկոյի գաղափարը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց երեկոն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Կանանց Խորհուրդին։

Under the auspices of His Grace Bishop Meghrig Parikian, Prelate of Canada, the annual Armenian Teachers Appreciation event for Day School, Saturday and Sunday Schools took place at the Sourp Hagop Armenian School’s Pastermadjian Auditorium in Montreal, on the eve of Thursday, October 23, 2014.

The event was in dedication to all Armenian Teachers, who continuously devote their lives in commitment to our children’s education.

IMG_2867-1 IMG_2848-1 IMG_2847-1IMG_2846-1



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us