Teachers Workshop 2014-2015

«ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՀՕՐ ՅԻՍՈՒՍ ՏՈՒՐ ՄԵԶ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ» աղօթքով
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բացումը կատարեց ուսուցիչներու մանկավարժական
դասախօսութիւններուն եւ աշխատանոցներուն

IMG-20140919-WA001
Սեպտեմբեր 19, 2014-ի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարան, իր հայրական աղօթքն ու քաջալերական ու գնահատանքի խօսքը փոխանցելու՝ հայեցի դաստիարակութեան նուիրուած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք 2014-2015 դպրոցական տարեշրջանին, սկսան մասնակցիլ Առաջնորդարանի կազմակերպած Հայերէնի ուսուցիչներու մանկավարժական դասախօսութիւններուն եւ աշխատանոցներուն։

Սոյն աշխատանոցները Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանէն ներս, կազմակերպուած են Գանատայի Հայոց Թեմին Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին կողմէ, համագործակցութեամբ Ընդհանուր Տնօրէնուհի՝ տիկին Լենա Գատեանին եւ Հոգաբարձութեան Կրթական Մարմնին։ Տարեշրջանի առաջին աշխատանոցը ներկայացուց պրն. Վիգէն Թիւֆէնքճեան, որուն նիւթն էր՝ «Հայերէնի դասաւանդամն մարտահրաւէրները»։

Մեղրիկ Եպիսկոպոս գնահատեց տնօրէնուհին եւ ուսուցչական կազմը, մեր զաւակները հայ պահելու եւ հայ շունչով ու նկարագրով թրծելու իրենց ազգանուէր առաքելութեան համար։

IMG-20140919-WA004

Today, September 19, 2014, Prelacy Armenian National Education Council workshops started at Sourp Hagop Armenian School in Montreal.

Prelate Parikian, visited the school teachers, to show his ongoing support to their continued dedication.

Mr. Viken Tufenkjian, former Principal of the school, presented the first seminar of the program.



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us