Toros Babikian awarded MANTAGOUNI medal

Թորոս Պապիկեան արժանացաւ
«Յովհան Մանդակունի» Շքանշանին

Կիրակի, 4 Յունիս 2017-ին, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի ձեռամբ, Պրն. Թորոս Պապիկեան արժանացաւ «Յովհան Մանդակունի» Ազգային-Եկեղեցական ծառայութեանց շքանշանին։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Արժանեաց Գիրը ընթերցեց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքին մէջ կ՚ըսէր. «Մեզի համար բացառիկ ուրախութիւն է, այսու մեր գնահատանքը յայտնել, ձեր բազմամեայ անձնուէր ծառայութեան համար։ Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Դպրոցը ծաղկուն մնացած են շնորհիւ ձեր նման ազգանուէր անձնաւորութիւններու նուիրեալ հոգածութեան։ Մեծապէս կը գնահատենք ձեր երկարամեայ նուիրումը, յատկապէս՝ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցին մէջ։ Դուք եղաք գիտակից եւ պատասխանատու Տնօրէն Կիրակնօրեայ Դպրոցի, ծրագիրներ մշակեցիք, ուսուցիչներ պատրաստեցիք, սերունդներ դաստիարակեցիք եւ կրօնական գիտելիքներով հարստացուցիք զիրենք։ Մէկ խօսքով, քրիստոնէական դաստիարակութեան առաքեալը դարձաք»։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us