Very Rev. Fr. Vartan Tashjian is elevated to the ranks of Priesthood

Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան Կը ստանայ
Վարդապետական Գաւազանի Իշխանութիւն

 

ARM_5030Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2015-ին, յետ «Կիրակմուտքի» ժամերգութեան, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամ՝ Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեանի Վարդապետական Գաւազանի տուչութեան արարողութեան առաջին բաժինը, ձեռամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Անդրանիկ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի։

Ձեռնադրիչ Սրբազանը՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ ատեանը եւ խարտաւիլակին՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի միջնորդութեամբ կատարեց ընծայեալ աբեղային հաւատքի քննութիւնը: Ան նզովեց բոլոր աղանդաւոր հերձուածողները ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեց իր հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով բոլոր հայրապետներու ուսուցումներուն:

Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2015-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին՝ Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ, ձեռնադրիչ Սրբազանը շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ ատեանը: Յաջորդաբար Հայր Վարդանին շնորհեց Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած առաջին չորս աստիճանները եւ յանձնեց Վարդապետական գաւազանը:

Ձեռնադրութեան աւարտին, Ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը նախ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այս ձեռնադրութիւնը կատարած ըլլալուն համար։ Ապա յանուն ներկայ հոգեւորականութեան եւ հաւատացեալներուն շնորհաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Հայրապետը եւ Միաբանութիւնը, բոլորին մաղթելով անյատնում ծառայութիւն։ Ապա Սրբազան Հայրը յորդորեց որպէսզի նորոգ ձեռնադրեալ Հայր Սուրբը ոշջմիտ վարդապետութեամբ քարոզէ եւ ուսուցանէ մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի իր քարոզութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւաց շնորհքներով հաւատացեալներ Աստուածածանօթութեան աստիճանին հասնին։ Սրբազան Հայրը գնահատեց եւ քաջալերեց Հայր Վարդանի ծառայութիւնը Գանատայի Թեմէն ներս անոր մաղթելով, յառաճուն վերելք եւ բարի ծառայութիւն Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդի անդաստանէն ներս։

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Թեմիս Ազգային Վարչութեան առաջադրանքով, նորոգ ձեռնադրեալ Հայր Սուրբը եւ ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն շնորհաւորութիւնը ընդունեցին Ազգային Առաջնորդարանի Դահլիճին մէջ, ուր յանուն Թեմիս Վարչութեան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալ Հայր Սուրբն ու ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այս օրհնաբեր տնօրինումին համար որով Հայր Վարդանը իր իշխանութիւնը ստացաւ մեր Թեմէն ներս։

Այս առիթով կ՚ուզենք Գանատահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն յիշեցնել, թէ՝ Թեմիս մէջ ծառայող Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբաններէն՝ Հոգեշնորհ Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Կիրակի, 12 Յուլիս 2015-ին, Վարդապետ ձեռնադրուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքէն ներս։ Հրանդ Վարդապետի աւարտաճառի նիւթն էր՝ «Եղիշէ Եպս. Կարոյեանի նամակա-գրութիւնը Սահակ Բ. Կաթողիկոսին՝ արեւմտահայ գաղթական-ներուն ապաստան եւ նպաստ տալու, Ատանայի եկեղեցական գոյքերը ստանալու, եւ այլ խնդիրներու մասին 1921-1931» իսկ Վարդան Վարդապետին՝ «32 նամակներ, ուղարկուած Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Գաբրիէլ Արք. Ճէվահիրճեանէ, Մեսրոպ Եպս. Նարոյեանէ, Գէորգ Արք. Արսլանեանէ, Սմբատ Եպս. Քազազեանէ առ Տ.Տ. Սահակ Սրբազնագոյն Կաթողիկոս եւ Պատրիարք Ս. Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ, առ Տ.Տ. Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս եւ առ Տ. Սերովբէ Վրդ. Սամուէլեան՝ Ժամարար ի Ս. Ծնունդ Բեթլեհեմ 1909-1934»։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով աւարտաճա-ռերու նիւթերուն, որոնք առաւելաբար արխիւային բնոյթ ունին, զանոնք որակած էր որպէս պատմութեան հանք, որոնց ուսումնասիրութիւնը լոյս կը սփռէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ դերակատարութեան, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ցիրուցան դարձած մեր ժողովուրդի հոգեւոր ու կրթական կեանքի կազմաւորման եւ գաղթականութեան պատճառով նոր ստեղծուած գաղութներու ձեւաւորման:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us