Year of Service Montreal DEC 1, 2016

15289078_917441571723654_3551886842814895766_oԾառայութեան Տարուան նուիրուած գնահատանքի երեկոյ
Մոնթրէալի մէջ

 

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, բարեխնամ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ծառայութեան Տարուան նուիրուած գնահատանքի երեկոյ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Սրբատառ Կոնդակով 2016 տարին հռչակեց «Ծառայութեան Տարի»։ Վեհափառ Հայրապետը հոն կը գրէ.- «Աշխարհի վրայ ապրող իւրաքանչիւր մարդ իր ինքնութիւնը ունի: Ինքնութիւն կ’ենթադրէ պատկանելիութիւն. պատկանելիութիւն կը նշանակէ հաւատար-մութիւն. իսկ հաւատարմութիւնը կը պահանջէ ծառայութիւն»:

Ձեռնարկի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Օրհնութեան Գիր շնորհեց միութիւններուն, ինչպէս Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ), Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան։ Այս առթիւ գնահատուեցան նաեւ սոյն միութիւններուն մէջ աւելի քան 20 տարիներ կամաւոր ծառայութիւն կատարած անհատներ։ Գնահատուեցան նաեւ Ս. Գէորգ եւ Ս. Յակոբ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ երկար տարիներ ծառայող հաւատացեալները։ Օրհնութեան Գիր ստացաւ նաեւ Հորիզոն Շաբաթաթերթը եւս գնահատուեցաւ եւ անոր երկարամեայ յօդուածագիր Պրն. Վրէժ-Արմէն Արթինեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ գնահատագիրներ ստացան հետեւեալ անհատները.- ՀՕՄ-էն՝ Անահիտ Գաբրիէլեան, Վանին Գապասագալեան, Սիլվա Գարփուզեան, Արուս Էհրամճեան, Արմինէ Ասատուրեան, Ֆլօրա Կիրակոսեան, Անժէլ Պետրոսեան եւ Արմինէ Կարապետեան։ ՀՄԸՄ-էն՝ Գրիգոր Ապրաքեան, Հրաչ Տէր Սարգիսեան, Տիգրան Մելքոնեան, Սեդրակ Պուրսալեան, Լեւոն Պէնկեան, Բաբգէն Կարապետեան, Տիրան Շահինեան, Ֆրանսուա Գարայեան, Յակոբ Արեւեան, Մոսիկ Թոփուզեան, Գէորգ Մանկէլեան եւ Զարեհ Տոլմաճեան։ Համազգայինէն՝ Յակոբ Մանճիկեան, Արտեմիս Մկրտիչեան, Լեւոն Եաղճեան, Յասմիկ Մելիքեան, Սիմա Աբրահամեան, Ատոմ Մալխասեան, Արմիկ Տէմիրճեան, Յասմիկ Մանկէլեան եւ Սիրվարդ Շայն։ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ծառայողներէն Անի Պոյաճեան, Արփի Հայրապետեան, Սիլվա Պերեճիքեան, Հայկ Հեքիմեան, Գաբրիէլ Թահանեան, Զուարթ Օտապաշեան եւ Շողիկ Թիւֆէնքճեան։ Իսկ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցիէն՝ Ալիս Նահապետեան, Մարի Մոմճեան, Կիլտա Սուլաքեան, Սարգիս Մոմճեան եւ Յակոբ Աճէմեան։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր փակման խօսքին մէջ անդրադարձաւ ծառայութեան անհրաժեշտութեան ու կարեւորութեան մասին։ Ան ըսաւ. «Ծառայութեամբ մարդը իր նմանին կը հաւասարի եւ կը սորվի յարգել իր նմանը։ Մէկ խօսքով, ծառայութեամբ մարդը կը մեծնայ եւ կը բարձրանայ ու կը հզօրացնէ իր ընկերութիւնը, հաւաքականութիւնը, կառոյցը, միութիւնը, եկեղեցին, ազգն ու հայրենիքը»։

Գնահատանքի երեկոն փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերքով։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us